top of page

Kevork Manoyan

Literature (United States)

Սեւն Ու Սպիտակը

Գէւորգ Մանոյեան

 

Ոգեւորող է առանձնութիւնը, որ ի մի կը բերէ ընդհանուր մարդկութեան շահերը

  Պապ, ուսողութեան դասիս համար օգնութեան պէտք ունիմ  

Ոգեւորող է առանձնութիւնը, որմէ չակնկալուած հասոյթները կը հոսին Վենետիկի անբասիր ջրանցքներուն եւ Պէյժինկի վճիտ օդին մէջ

  Ինքնաշարժի արկածներէ ու կենսոլորտի ապականումին հետեւանքով չմահացողներուն թիւը «Քորոնա»էն մահացողներուն թիւէն անցաւ

Ոգեւորող է առանձնութիւնը, որ կը խոստանայ աւելի նուազ զոհերով ապագայ մը 

  Գէւ, ծորակէն նորէն ջուր կը կաթի

Եւ ոգեւորող է առանձնութիւնը, որ մարդը կը պահէ մարդ ու ձանձրոյթի պահերուն իսկ, հայելիին մէջ երկար հայեացքներէ ետք իսկ, մարդը չի դարձներ գերին իր հականիշին՝ դրամին

  Քեզի խեղդել սպառնացող պատերը վերածէ անաղարտ պաստառներու

 

Բայց դուրսը նորէն կան ահաբեկիչ վոհմակներ, որոնք իրենց արհեստական ազատութիւնը կը յորջորջեն

  Ներս մտնելէդ ետք ձեռքդ անպայման լուա՛

Անցեալի ստրկատէրներուն նման, անոնք կը շարունակեն դրամը մարդէն առաջ դասել

  Վերջին լուր․ «Քարիւղի ընկերութիւններ մէկ տակառ ձրի վառելանիւթի հետ ինքնաշարժ մըն ալ (երկու դուռով) կը նուիրեն»

Ու չեն յանդգնիր նոյնիսկ դաստիարակել փորձելէ, վստահեցնելով, որ ապրելէն աւելի կարեւոր բաներ կան 

  Զոհերուն թիւը կէս միլիոնի սահմանէն անցաւ

Ճիշդ ասոնք ենք, որ պէտք է Պսակաձեւով վարակուին, իրենց կամքով իսկ տմարդանալու եւ հասնելու իրենց երազած ոսկեզօծ դրախտին

  Թեքսասի մէջ, ամերիկեան ֆութպոլի մրցումի համակիրներէն առնուազն 3000ը վարակուած են

Kevork Manoyan is the editor-in-chief of Asbarez's International News section and is a member of the editorial staff of the Open Letter literary newspaper. He also contributes to the Armenian section of the AIM newspaper and Ի Դէպ literary publication. He received a Master's degree from the University of California, Los Angeles (UCLA) with a degree in History. 

Kifork Manoyan.JPG
bottom of page